Քրիստինէ Վարդանեան Հաստատեց` Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Նոր Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Գործիքակազմ Է

13 օգոստոսի Ազգային ժողովի նիստին ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան անդրադարձաւ նոյն նիստին «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի պատգամաւորներուն կողմէ  հնչած այն արտայայտութեան, թէ Հայաստան կարիք չունի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, աւելի՛ն. շեշտուեցաւ, որ անիկա վտանգաւոր է Հայաստանի համար:

«Արդեօք միջազգային ճանաչման գործընթացը Թուրքիոյ նկատմամբ ատելութեան հետեւա՞նք է», հարցուց ան ու պատասխանեց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ ինքնին Հայաստանի Հանրապետութեան, քանի որ անիկա երկրի ապահովութիւնը երաշխաւորելու առանցքային բաղադրիչներէն մէկն է:

Պատգամաւորը նաեւ շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը նոր ցեղասպանութիւններու գործադրութիւնը կանխելու զսպիչ  գործիքակազմ է:

Վարդանեան յիշեցուց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է տարբեր պետութիւններու կողմէ, նոյնիսկ այն ատեն, երբ անկախ Հայաստան պարզապէս գոյութիւն չունէր: Իբրեւ օրինակ ան յիշեց Ուրուկուէյը` ընդգծելով, որ այդ մէկը կարելի դարձաւ շնորհիւ գործունէութեան Հայ դատի կառոյցներուն, որոնց դէմ այսօր կը պայքարին Հայաստանի գործող իշխանութիւնները:

Վարդանեան յայտնեց, որ իր դիրքորոշման եւ ներկայի իշխանութիւններուն դիրքորոշման միջեւ առանցքային տարբերութիւններէն մէկը ինքնին «սպառնալիք» հասկացութեան սահմանման հարցն է: Ըստ անոր, Հայաստանի համար սպառնալիք են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պետական քաղաքականութիւնները. «Մենք կը կարծենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշարները պէտք է ուղղուին նոյնինքն այդ սպառնալիքներուն հակազդելուն: Հայաստանը պաշարներ չունի, որպէսզի դառնայ մի գերտէրութեան գործիքը միւսի դէմ: Եթէ Ռուսիան ցանկայ, որ մենք դառնանք գործիք Միացեալ Նահանգներու դէմ, մենք պէտք չէ ատիկա թոյլ տանք. ատոր համար պաշարներ չունինք:

«Եթէ որեւէ այլ աշխարհաքաղաքական կեդրոն ցանկայ մեզ օգտագործել իբրեւ գործիք Ռուսիոյ դէմ, մենք նոյնպէս պէտք չէ ատիկա թոյլ տանք. մենք նման կարելիութիւններ ալ չունենք: Նոյնիսկ առկայ պաշարները բաւարար չեն այն սպառնալիքներուն դէմ պայքարելու համար, որոնց կը բախի նոյնինքն Հայաստանը», յայտարարեց Վարդանեան:

Leave a Comment