Քուփըր. «Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու Են 15 Կէտերէ Բաղկացած Համաձայնութեան»

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան պետ Պրատ Քուփըր Խաղաղութեան խորհուրդի Միջազգային կայունութեան ուժի ներկայացուցիչներուն յայտնած է, որ իր երկիրը յանձնառու է Կազայի վերաբերեալ 15 կէտերէ բաղկացած համաձայնութեան:

Իսրայէլեան աղբիւր մը կայանին յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կիրակի օրուան յայտարարութիւնը, թէ կը մերժէ 15 կէտերէ բաղկացած ծրագիրը, «իրականութեան հետ որեւէ կապ չունի, եւ քաղաքական ճնշումներու հետեւանքով հնչեց»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը աւելցուց, որ Նեթանիահուի յայտարարութենէն կարճ ժամանակ ետք, Քուփըր այցելած է Քիրիաթ Կաթի մէջ ամերիկեան հրամանատարութեան կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցած է ամերիկացի զինուորներու եւ բազմազգեան ուժերէն ներկայացուցիչներու հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուած աղբիւր մը պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Քուփըր կեդրոնին մէջ ներկայացուցիչներուն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են 15 կէտերէ բաղկացած համաձայնութեան եւ աշխատանք պիտի տանին զայն փոխըմբռնումներուն համաձայն գործադրելու»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը նաեւ շեշտեց. «Վարչապետի յայտարարութենէն երեք օրեր անցան, սակայն ապահովական հաստատութիւնն ու իսրայէլեան բանակը որեւէ նոր ցուցմունք չստացան»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմէն պաշտօնատար մը «Փոլիթիքօ» կայքին յայտնեց, որ Սպիտակ տունը Նեթանիահուի քայլին մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը խոչընդոտող որեւէ բան չի տեսներ` այդ քայլը նկատելով «ընտրական խուսանաւում մը», որ ուղղուած է տեղական հանրութեան, եւ պնդելով, որ գետնի վրայ Խաղաղութեան խորհուրդին հետ լաւ գործակցութիւն կը ցուցաբերուի:

Կայքը նաեւ մէջբերեց արեւմտեան դիւանագէտի մը խօսքերը, թէ այս մերժումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ Իսրայէլին հանգստացնելու ձգտումը միայն աւելի կարծր պահանջներու կը յանգեցնէ, եւ Նեթանիահուի քայլերը կ՛ապացուցեն, որ Իսրայէլ կը շարունակէ խոչընդոտ ըլլալ երկու պետութիւններու լուծման:

 

 

Leave a Comment