Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թահիր Անտրապի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Փաքիստան տեւական ջանք կը թափէ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը բանակցութեան սեղան բերելու եւ խաղաղութեան հոլովոյթին վնաս հասցնել ուզողներուն արգելք հանդիսանալու համար:
Անտրապի նշեց, որ Փաքիստանի ներքին գործոց նախարար Մուհսեն Նաքուի Թեհրան կ՛այցելէ` աւելցնելով, որ այդ այցելութիւնը առիթ է քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչ որ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան կը ծառայէ:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Փաքիստանի կառավարութեան աղբիւրներուն, հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը համաձայնած են երկարաձգելու Իսլամապատի յուշագիրի ծիրին մէջ հաստատուած 60-օրեայ զինադադարի ժամկէտը:
«Երկու կողմերն ալ միջնորդներուն յայտնած են ժամկէտը երկարաձգելու իրենց համաձայնութիւնը», ըսած է բանակցային հոլովոյթին մօտիկ աղբիւրը` ընդգծելով, որ բայց եւ այնպէս, կողմերը կը շարունակեն հաղորդագրութիւններ փոխանակել` երկարաձգման ժամկէտը որոշելու համար:
Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, սակայն, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ զինադադարի ժամկէտի երկարաձգման վերաբերեալ որեւէ բանակցութիւն տեղիք չէ ունեցած:
«Պի.Պի.Սի.» Սպիտակ տունը մէջբերելով հաղորդեց. «Իրանին համար համաձայնիլը իմաստուն քայլ պիտի ըլլայ, այլապէս ան գիտէ, թէ ի՛նչ պիտի պատահի»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ Իրանի վրայ վստահութիւն չունի:
Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները ամբողջական կերպով կը վերահսկեն Հորմուզի նեղուցին` շեշտելով, որ իր երկիրը չափազանց լաւ դիրքի վրայ է:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարի աւագ խորհրդական Մոհամետ Նաքտի յայտնեց, որ իրենք միայն պահեստին վրայ չեն վստահիր, այլ անդադար ու բարձրագոյն կշռոյթով հրթիռներ ու անօդաչու թռչող սարքեր կ՛արտադրեն: