Փութին. «Ռուսիան Նոյնպիսի Քայլով Պիտի Հակադարձէ, Եթէ Արեւմտեան Երկիրներ Ռուսական Առեւտրական Նաւեր Գրաւեն»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց. «Ռուսիան նոյնպիսի քայլով պիտի հակադարձէ, եթէ արեւմտեան երկիրներ ռուսական առեւտրական նաւեր գրաւեն»:

Փութին Խաղաղական ովկիանոսի մէջ ռուսական նաւատորմիղի ռազմափորձին հետեւելու ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Խաղաղական ովկիանոսի նաւատորմիղը անհրաժեշտ է մարտունակութիւնը պահպանելու եւ Ռուսիոյ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար»` շեշտելով. «ՕԹԱՆ-ը Խաղաղական ովկիանոսի շրջան կը ներթափանցէ, եւ հակամարտութեան յառաջացման հաւանականութիւնը կը բարձրանայ»:

«Ճափոն առաջին անգամ ըլլալով Ռուսիան ներառեց իր դիմագրաւած գլխաւոր սպառնալիքներու ցուցակին վրայ: Ռուսիա Ճափոնին սպառնալիք չի ներկայացներ, եւ Մոսկուա Թոքիոյի նկատմամբ որեւէ պնդում չունի», ըսաւ ան:

«Ռուսիա իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ Հիւսիսային բեւեռի շրջանին, ներառեալ հիւսիսային ծովային ուղիին մէջ գործակցելու», յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահը:

 

Leave a Comment