Հայ միջնապահ Արթուր Զախարեան յաջողեցաւ կոլ նշանակել ֆրանսական Վերսայ խումբին հետ իր առաջին ելոյթին:
28 տարեկան ֆութպոլիստը Ֆրանսայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին Լա Ռոշի դէմ մրցումին մասնակցեցաւ: Վերսայ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն կրեց, ուր Լա Ռոշի 3 կոլերը նշանակեց Մոհամետու Սամպը: Վերսայ մրցումի առաջին վայրկեանին բացած էր մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Ռոմեն Պասքի: Զախարեան 64-րդ վայրկեանին արդիւնքը նուազեցուցած էր 3-2-ի:
Նշենք, որ Զախարեան ամրան միացած էր Վերսային` լքելէ ետք Սթատ Պրիւշենի ակումբը, որ ինկած էր Դ. դասակարգ: Ան անցեալ եղանակին 27 մրցումներու մասնակցած էր` նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ:
Վերսայ իր կարգին կը պայքարի բարձր դիրքերու համար, եւ անցեալ տարեշրջանին գրաւած էր 5-րդ դիրքը: Իր նոր ակումբին հետ Զախարեան կարելիութիւն ունի շարունակելու ելոյթները Ֆրանսայի Գ. դասակարգին մէջ պայքարելու` աւելի բարձր դասակարգ բարձրանալու համար: