Լիոնել Մեսսիի Հայրը Մահացաւ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Արժանթինի ազգային խումբի եւ Ինթեր Մայեմիի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հայրը` Խորխէ Մեսսի մահացաւ Արժանթինի Ռոզարիօ քաղաքի մէկ հիւանդանոցին մէջ:

Խորխէ Մեսսի երկար ժամանակէ ի վեր կը պայքարէր հիւանդութեան դէմ: Մեսսիի ընտանիքը յունիսին հրապարակած էր յայտարարութիւն մը, որ ան կը բուժուի եւ լաւ վիճակի մէջ է: Յայտարարութիւնը հրապարակուած էր այն ժամանակ, երբ «Լաւ Օփինիըն» պարբերականը յայտնած էր, որ Մեսսիի հայրը առողջական լուրջ խնդիրներ ունի անցեալ յունուարէն, եւ Մոնտիալի նախօրեակին անոր վիճակը վատթարացած է:

68 տարեկան Խորխէ Մեսսի իր զաւկին առաջին մարզիչն էր Արժանթինի մէջ եւ անոր միակ ներկայացուցիչը, երբ իբրեւ պատանի ան միացաւ Պարսելոնային, աւելի ուշ անոր գործակալը ըլլալով:

«Հայրս շատ հսկայ աշխատանք տարաւ, որ հոս հասնիմ: Ան շատ կարեւոր էր ինծի համար: Իր ներկայութիւնը միշտ կ՛օգնէր ինծի, որ աւելի եւս յառաջանամ», ըսած էր Մեսսի 2022-ին:

 

 

Leave a Comment