Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անցեալ տարուան ախոյեան Արարատ Արմենեան եւ Բ. դասակարգի ախոյեան Սարդարապատը իրենց յաջորդական յաղթանակները արձանագրեցին եւ մնացին առաջին դիրքերուն վրայ:
Սարդարապատ կրցաւ Արարատ Երեւանի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթել, մինչ Արարատ Արմենիա իր դաշտին վրայ 81-րդ վայրկեանին կրցաւ յաղթել Ուրարտուին (2-1):
Լեւոն Վարդանեան եւ Լեւոն Պետրոսեան նշանակեցին Սարդարապատի երկու կոլերը 20-րդ եւ 28-րդ վայրկեաններուն, մինչ Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Վարազդատ Հարոյեան նշանակեց Արարատ Երեւանի միակ կոլը` 80-րդ վայրկեանին:
Ախոյեան Արարատ Արմենիա 22-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ սենեկալցի Ալիուն Էնտուրի, բայց Ուրարտուի փորթուգալցի յառաջապահ Միկել Ռաժանի կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը:
Արարատ տիրապետեց գրեթէ ամբողջ մրցումին եւ միայն 81-րդ վայրկեանին կրցաւ նշանակել յաղթանակի կոլը` շնորհիւ այլ փորթուգալցի միջնապահի մը` Պեննիի:
Նշենք, որ Նոա կրնայ միանալ Սարդարապատ-Արարատ Արմենիա զոյգին, եթէ կարենայ յաղթել Շիրակին` Գիւմրիի մէջ:
Նշենք, որ Նոա կը մասնակցի «Եու. Է. Էֆ.Ա.»-ի, «Քոնֆերենս Լիկ»-ի մրցումներուն: Իր համակիրները, որոնք պիտի ճամբորդեն Զուիցերիա` մասնակցելու Սիոնի դէմ մրցումին, պիտի ստանան ձրի դաշտի մուտքի տոմս հինգշաբթի օրուան մրցումին: Նշենք, որ երթին Երեւանի մէջ Նոա 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր զուիցերիական ակումբին հետ: