«Էմ.Էմ.Էյ.». Մարատ Գրիգորեան Յաղթեց Մամուկա Ուսուբեանին

Քիքպոքսինկի հայ մարտիկ Մարատ Գրիգորեան պարտութեան մատնեց Ռուսիան ներկայացնող եզիտի մարտիկ Մամուկա Ուսուբեանը:

Մենամարտը տեղի ունեցաւ Պանքոքի «Ուան, Ինըր սըրքըլ 25» մրցաշարքին գծով եւ վերջ գտաւ իրաւարարներու միաձայն որոշումով:

Այս արդիւնքին շնորհիւ Մարատ Գրիգորեան հասաւ «Ուան սամուրայ»-ի փետուրի կշիռի կիսաւարտական` շարունակելով իր պայքարը գլխաւոր մրցանակի համար:

Շատ հաւանական է, որ աւարտականին Գրիգորեան մրցի Թայլանտի աստղ Սուփերպոն Պանչամեկի դէմ: Նախապէս 2018-ին, 2022-ին եւ 2024-ին Մարատ եւ Սուփերպոն մրցած են իրար դէմ, եւ Մարատ առաջին ճակատումին նաք աութով յաղթելէ ետք կէտերով պարտուած էր յաջորդ երկուքին: Նշենք, որ երկու մարտիկներն ալ 35 տարեկան են:

 

Leave a Comment