Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը խոր մտահոգութիւն յայտնած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած ընթացիկ իրավիճակին կապակցութեամբ:
«Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը` իբրեւ եկեղեցիներու համաշխարհային եղբայրութիւն, կը վերահաստատէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առանցքային դերը հայ ժողովուրդի եւ համաքրիստոնէական ընտանիքի հոգեւոր, մշակութային պատմական կեանքին մէջ:
«Իբրեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդ, մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք եկեղեցական ներքին գործերուն անհարկի միջամտութեան նկատմամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդէն յոյս յայտնած են եւ աղօթած, որ ստեղծուած հակամարտութիւնը լուծուի այնպիսի ճամբով, որ պիտի նպաստէ ամբողջ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ յառաջընթացին: