Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ընդգծուած է, որ անցեալ մէկ տարուան ընթացքին շրջանին մէջ ապահովուած է խաղաղութիւն ու կայունութիւն, եւ չէ արձանագրուած որեւէ միջադէպ, որ կրնար վնասել շրջանային խաղաղութեան:
Թրամփ-Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծուած է ԹՐԻՓՓ նախագիծի նշանակութիւնը շրջանային կապակցուածութեան տեսանկիւնէն:
Նշուած է, որ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու աշխատանքները կը գտնուին աւարտական փուլի մէջ:
