Արեւմուտքը Հայաստանէն երես պիտի դարձնէ, անմիջապէս որ անիկա դադրի իբրեւ Ռուսիոյ դէմ գործիք անոնց համար հետաքրքրութիւն ներկայացնել: Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները չեն հետաքրքրուիր երկրի քաղաքացիներուն բարեկեցութեամբ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ:
«Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները բացարձակապէս չեն հետաքրքրուիր երկրի քաղաքացիներուն բարեկեցութեամբ: Անմիջապէս որ Հայաստանը դադրի իբրեւ Ռուսիոյ դէմ գործիք անոնց համար հետաքրքրութիւն ներկայացնել, արեւմտեան թեւերը անմիջապէս պիտի հրաժարին իրենց բոլոր խոստումներէն, կարծէք անոնք երբեք գոյութիւն չեն ունեցած», ըսած է Մետվետեւ:
Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները պիտի հրաժարին Հայաստանէն, եթէ անիկա շարունակէ Արեւմուտքի հետ միաւորման իր ուղին: