Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ – Անդրանիկ` 2-0

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Պէյրութի շրջանի Ա. հանգրուանի իր վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկը եւ հաստատ քայլերով հասաւ կիսաւարտական:

Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ահտի դաշտին վրայ, եղաւ շատ հետաքրքրական, որովհետեւ առաջին կիսախաղին երկու խումբերն ալ առիթներ ստեղծեցին: Անդրանիկ աւելի փորձառու մարզիկներով աւելի լուրջ առիթներ ստեղծեց մանաւանդ 30-րդ վայրկեանէն ետք, ուր ՀՄԸՄ-ի բերդապահ Ժաուատ Սապրա լաւ ձեւով զսպեց այդ առիթները:

39-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ ստեղծեց իր ամէնէն լուրջ առիթը, երբ աջ ծայրէն Օմար Հուսարի փոխանցեց կեդրոն` Իսա Օսմանի, որուն հարուածը զսպեց Անդրանիկի բերդապահին ձախ կողմի սիւնը: Բերդապահը գետինն էր եւ բոլորը կարծեցին, թէ կոլը նշանակուած է…

Բ. կիսախաղին ամէն ինչ փոխուեցաւ, եւ ՀՄԸՄ շատ աւելի կազմակերպուած խաղցաւ,  քան Անդրանիկը:

Առիթներ կը ստեղծուէին, բայց վերջին վճռական փոխանցումը իր նպատակին չէր հասներ: Դաշտի կեդրոնէն խմբապետ Աւագ ու Ալի Սալման եւ ձախ կողմէն Կի Խանճեան շատ լաւ ձեւով գնդակին կը տիրանային ու յարձակումներ կը կազմակերպէին:

75-րդ վայրկեանին աջ կողմէն գեղեցիկ փոխանցումներէ ետք Մուսա Ամին փոխանցեց Օմար Հուսարիի, որ նեղ անկիւնէն նշանակեց ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը: Դաշտին մէջ տասնեակ մը հայ համակիրներ, որոնք ամբողջ մրցումին կը քաջալերէին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, ուրախութեան կանչերով տօնեցին այս կոլը:

Անդրանիկ Բ. կիսախաղին մասնաւոր լուրջ առիթ չստեղծեց, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ-ի թեքնիք մարզիչն ու գլխաւոր մարզիչը լաւ ուսումնասիրած էին մրցակից խումբին յարձակումները կասեցնելու ձեւը:

Մրցումը կը մօտենար իր աւարտին, երբ Ահմետ Սալլում փոխանցեց Օմար Հուսարիի,  որ աջ կողմէն ճեղքելէ ետք փոխանցեց կեդրոն` Իսա Օսմանի, որ խաբելէ ետք մրցակից մը գրաւեց Անդրանիկի բերդը: Արդիւնք` 2-0: Համակիրներն ու մարզիկները անշուշտ ուրախ էին «Հայկական տերպի»-ին յաղթելով, եւ այժմ խումբը աւարտած է իր Բ. խմբակի մրցումները` սպասելով կիսաւարտականի իր մրցումին:

Պէտք է ըսել, որ խումբը բաւական լաւ խաղարկութիւն կը ցուցաբերէ, եւ առաջին կիսախաղի փոքր սխալները չկրկնելով կրնանք որեւէ մրցակիցի յաղթել, մանաւանդ երբ ունիս մարզիկներ, որոնք 90 վայրկեան կը պայքարին դաշտին վրայ խումբին համար:

Նշենք, որ մրցումէն առաջ ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու խումբին նախկին անդամներէն Կարէն Խուտավերտեանի թիւ 14 շապիկով խումբը նշեց անոր յիշատակը Կարէն Խուտավերտեան 2020-ին 18 տարեկան հասակին մահացած էր` տարիներ շարունակ պայքարելէ ետք հիւանդութեան դէմ:

Leave a Comment