Պուֆան Դժգոհ` Իտալիոյ Վիճակէն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Իտալիոյ ազգային խումբի եւ Եուվենթուսի պատմական նախկին բերդապահ Ճիանլուիճի Պուֆոն վերջերս իր դԺգոհութիւնը յայտնած էր Իտալիոյ ֆութպոլի այժմու վիճակէն` նշելով, որ «Սերի Ա.»-ն Եւրոպայի մէջ իր դիրքերը զիջած է, սակայն ճնշումը մարզիկներուն եւ մարզիչներուն վրայ կը մնայ նոյնքան մեծ:

«Նախապէս մեր ախոյեանութիւնը բոլորին համար ուշադրութեան կեդրոն էր, այստեղ կը խաղային աստղերը: Հիմա մենք, հաւանաբար, արդէն հինգերորդն ենք Եւրոպայի մէջ, բայց ճնշումը մնացած է նոյնը: Մարզիչները ամէն կիրակի կանգնած են աշխատանքը կորսնցնելու վտանգի առջեւ, իսկ համակիրները սխալները չեն ներեր: Մենք եղած ենք անցողական ախոյեանութիւն, ուր մեծ ակումբները կը ղրկեն իրենց ֆութպոլիստները` զարգանելու համար: Բայց նոյնիսկ այս պարագային ալ մեր երիտասարդ ֆութպոլիստներուն համար միեւնոյնն է, տեղ չկայ… Կրնա՞ք հաւատալ ասոր», ըսած է Պուֆուն:

Անդրադառնալով իտալացի ֆութպոլիստներու մակարդակին եւ ժամանակակից ֆութպոլի պահանջներուն` Պուֆոն նշած է, որ աշխարհի ուժերու դասաւորումները փոխուած են. «Մենք այժմ լաւ խաղցողներ ունինք «Փրեմիեր լիկ»-ին (Անգլիա): Պարզապէս կը ձեւացնենք, որ չենք հասկնար, թէ որքա՛ն փոխուած է ֆութպոլը վերջին 20 տարիներուն ընթացքին: Հիմա կրնաս երթալ Պոսնիա եւ փենալթիներով պարտուիլ, Գերմանիան կրնայ պարտուիլ Էքուատորէն եւ Փարակուէյէն, իսկ Սպանիան 0-0 արդիւնքով հաւասարիլ Քափէ Վերտէի հետ: «Մենք Իտալիան ենք» արտայայտութիւնը գեղեցիկ կը հնչէ, եւ մենք միշտ կը մնանք Իտալիա, քանի որ պատմութիւնը չես կրնար ջնջել: Բայց միւս հաւաքականները սորվեցան խաղալ նոյնքան լաւ, որքան մենք, կամ նոյնիսկ աւելի լաւ»:

«Օրինակ` Նորվեկիա հիմա Եւրոպայի ամէնէն զօրաւոր հաւաքականներէն մէկն է: Անոնք անմիջապէս Սպանիոյ, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ ետին կու գան: Երբ Նորվեկիոյ դէմ խաղաս, կարծես 1-0 արդիւնքով պարտուած կը սկսի մրցումը: Դրական արդիւնքի հասնելու համար պէտք է առնուազն 2 կոլ նշանակես:

«Ինչ կը վերաբերի մեզի, Ճենարօ Կաթուզօ ճիշդ նկատած էր, թէ Իտալիոյ գլխաւոր մրցակիցը վախն էր: Մենք վերապրած ենք ցաւալի պարտութիւններու անյաջողութիւններ, զորս մինչեւ հիմա չենք կրնար մոռնալ: Այս վիճակէն դուրս գալու համար մարզիչը պէտք է ֆութպոլիստներուն վերադարձնէ ինքնավստահութիւնն ու խանդավառութիւնը, ինչպէս նաեւ համոզէ զանոնք, որ արդիւնքի հասնիլը անմիջապէս կարելի է»:

Խօսելով ազգային խումբի մարզիչի գլխաւոր մարզիչի լաւագոյն թեկնածուին մասին` ան ըսած է. «Գլխաւոր նպատակը չորս տարի յետոյ Մոնտիալի մասնակցիլն է: Այդ հիման վրայ, ես կ՛ընտրէի Անթոնիօ Քոնթէն: Բայց դուք պէտք է ունենաք որոշումներ կայացնելու քաջութիւն եւ այդ բոլորին մէջէն մամլոյ հաղորդելու ունակութիւն: Ես շատ յաճախ կը լսեմ, թէ այս կամ այդ անձը ճիշդ թեկնածուն է, առանց որեւէ համոզիչ պատճառի: Այդ բոլորը մակերեսային որոշումներ են եւ ոչ թէ լաւ մտածուած: Նախագիծը առաջնակարգ է, իսկ իտէալական թեկնածուն երկրորդական», ըսած է Պուֆոն:

Leave a Comment