«Եու. Էֆ. Սի. 331» մրցաշարքի գլխաւոր իրադարձութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ մրցումը թեթեւ կշիռի դասաւորման Բ. դիրքը գրաւող Արման Ծառուկեանի եւ 7-րդ դիրքը գրաւող պրազիլցի Մաուրիսիօ Ռուֆիի միջեւ:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 19 սեպտեմբերին, Լոս Անճելըսի «Քրիփթօ Տոթ Քոմ Արենա» մարզադաշտին մէջ: Մենամարտը հինգ ռաունտերէ կը բաղկանայ:
Սկզբունքով Ծառուկեան պիտի մրցէր Չարլզ Օլիվէյրայի դէմ, բայց «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին ախոյեանը անձնական պատճառներով հրաժարեցաւ մենամարտէն: Մէկ պրազիլցին հրաժարեցաւ եւ զինք փոխարինեց այլ պրազիլցի մը: Ռուֆի 14 յաղթանակ արձանագրած է 2 պարտութիւններու կողքին, մինչ Ծառուկեան 23 յաղթանակի դիմաց ունի 3 պարտութիւն:
Մենամարտելէ հրաժարելու Օլիվէրայի հիմնական պատճառը կրնայ ըլլալ իր ընկերոջ` «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մարտիկ Ալեն Նասիմենթոյի մահը:
Նոյն «Եու. Էֆ. Սի. 331»-ի մրցաշարքին հանդէս պիտի գայ նաեւ հայկական ծագում ունեցող այլ մարտիկ մը` Էդմեն Շահբազեան: Ան միջին կշիռի մրցումներու գծով պիտի մենամարտի պրազիլցի Պրունօ Ֆերէյրայի դէմ: Յատկանշական է, որ «Եու. Էֆ. Սի.»-ն իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Շահբազեանը ներկայացուցած է հայկական եռագոյն դրօշով: