«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Քոնֆերենս լիկ»-ի զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նոա ակումբը, Աբովեանի վահագն Թումասեանի անուան մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Զուիցերիոյ Սիոն ակումբը եւ 2-2 արդիւնքով հաւասարեցաւ:
5-րդ վայրկեանին իսկ փենալթի մը շահելէ ետք, Հելտեր Ֆերէյրա նշանակեց Նոայի առաջին կոլը: 8 վայրկեան ետք Ուինսլի Պոթելի նշանակեց հաւասարութեան կոլը: 20-րդ վայրկեանին, Ֆերէյրայի փոխանցումէն ետք, Գոռ Մանուէլեան գլխու հարուածով նշանակեց Նոայի երկրորդ կոլը:
26-րդ վայրկեանին Նիաս Հեֆթի, որ փենալթիի մը պատճառ դարձած էր, վտարուեցաւ դաշտէն, ստանալէ ետք իր 2-րդ դեղին քարտը: Սակայն Նոա չկրցաւ այս առաւելութենէն օգտուիլ, հակառակ ստեղծուած առիթներուն:
57-րդ վայրկեանին մալթացի Իլիաս Շուարեֆ նշանակեց Սիոնի հաւասարութեան կոլը: 64-րդ վայրկեանին ֆրանսացի Սթոն Մամպօ կարմիր քարտ ստացաւ, եւ Նոա իր կարգին 10 մարզիկներով շարունակեց մրցումը:
Յուսանք, որ դարձի մրցումին Նոա յաջողի դրական արդիւնք ձեռք ձգել Զուիցերիոյ մէջ եւ հասնի յաջորդ հանգրուան: