Հայաստանի Մանկապատանեկան լեռնային ակումբը իր էջին վրայ լուսանկար մը հրապարակած է` տեղեկացնելով, որ 8-ամեայ Մոնթէ Մուրադեանն ու Սիւնէ Քոսակեանը յաղթահարած են Արարատի գագաթը:
Կը նշուի, որ այս տարի «4 գագաթ» մանկապատանեկան լեռնային ակումբի երեխաներէն Մոնթէ Մուրադեանն ու Սիւնէ Քոսակեանը յաջողութեամբ բարձրացան Արարատի գագաթ` դառնալով աղջիկներու եւ տղոց խումբերու ամէնէն փոքր մասնակիցները, որոնք յաղթահարած են Արարատի 5165/5137 մեթր բարձրութիւնը, ընդամէնը 8 տարեկանին: Ասիկա, գոնէ Հայաստանի համար բացառիկ նուաճում է եւ, հաւանական է, եզակի արդիւնք նաեւ աւելի լայն` միջազգային տարողութեամբ:
«Այս յաջողութիւնը երկար պատրաստութեան արդիւնք էր: Անոր նախորդած էին ամիսներու մարզումներ` մշակուած յատուկ վերելքներու ծրագիրով: Երեխաները հերթաբար յաղթահարեցին Հայաստանի տարբեր լեռնային երթուղիներ, ձեռք բերին անհրաժեշտ փորձառութիւն, յարմարեցան բարձրութեան եւ նոյնիսկ գիշերով բարձրացան Արագածի հարաւային գագաթ` կարեւոր քայլ կատարելով բարձր լեռնային պայմաններու յարմարելու առումով:
«Ի հարկէ, Արարատի վերելքը առանց փորձութիւններու չէր: Բարձրութիւնը, գիշերով քալելն ու յոգնածութիւնը լուրջ մարտահրաւէրներ էին, սակայն անոնք լիովին յաղթահարելի էին` ճիշդ կազմակերպուածութեան, ընկերակիցներուն եւ ծնողներուն վերահսկողութեան, աստիճանաբար կլիմային վարժուելու փորձին եւ մանուկներուն բացառիկ կամքին շնորհիւ: Վերելքին ընթացքին առողջական վտանգաւոր իրավիճակներ չարձանագրուեցան (հակառակ պարագային վայրկեանական կրկին պիտի իջնէին):
«Սիւնէի եւ Մոնթէի յաջողութիւնը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ տարիքը սահմանափակում չի հանդիսանար, երբ կայ նպատակ, հետեւողական աշխատանք, պատասխանատու պատրաստութիւն եւ հաւատք սեփական ուժերուն նկատմամբ», կը նշուի Մանկապատանեկան լեռնային ակումբի յայտարարութեան մէջ: