Ըմբշամարտ. «ՌԱՖ» Կը Ծրագրէ Հայաստանի Մէջ Մրցաշարք Կազմակերպել

Ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային «ՌԱՖ» լիկան կը ծրագրէ մրցաշարք մը կազմակերպել Հայաստանի մէջ: «ՌԱՖ» կազմակերպութիւնը, որ հիմնադրուած է Չետ Պրոնշթինի, Իզի Մարթինեսի, Էրիք Պիշոֆի եւ Հալք Հոկընի (որ մահացաւ 2025-ի յուլիսին) միջոցով, պաշտօնապէս յայտարարեց այս լուրը:

Պրոնշթինի համաձայն, «Հայաստանի մրցաշարքը կրնայ տեղի ունենալ 2026-ի դեկտեմբերին կամ 2027-ի փետրուարին, բայց անպայման պիտի գանք Հայաստան»:

«Յիշեցէք իմ խօսքերս, յառաջիկայ 4 ամիսներուն ընթացքին պիտի ըլլանք Հայաստան», ըսաւ Պրոնշթին` լրագրող Ռաֆայէլ Խալաթեանին:

«ՌԱՖ»-ի հիմնադիրը շեշտած է, որ լիկան ինքզինք կը նկատէ միջազգային կազմակերպութիւն եւ չի սահմանափակեր մարզիկները, իրենց երկիրները ներկայացնեն ու ազգային դրօշներով մրցումներուն մասնակցին:

«Մենք կրնանք ունենալ Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի խումբեր: Եթէ որեւէ մէկը կը ցանկայ ներկայանալ Պաղեստինի, Հայաստանի կամ որեւէ այլ երկրի ազգային դրօշով, մենք զայն չենք զրկեր այդ իրաւունքէն: Սա միջազգային լիկա է, ուստի Հայաստանը այն վայրերէն մէկն է, որ մենք կը պատրաստուինք այցելել»:

Մրցաշարքի տեղի ունենալուն լրացուցիչ գործօններէն մէկն է նաեւ հայկական համայնքի աջակցութիւնը, Չետ նշած է, որ «ՌԱՖ»-ի հովանաւորներէն մէկը «Պրիօ Ուոթըր» ընկերութիւնն է, որ նոյնպէս հայկական կապեր ունի: Բացի ատկէ, լիկային մէջ արդէն իսկ հանդէս կու գան Արսէն Յարութիւնեան եւ անոր գլխաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը` Արման Ծառուկեան:

Աւելի կանուխ, լրագրող Ռաֆայէլ Խարատրեանի հետ զրոյցի մը ընթացքին, կազմակերպութեան ղեկավարներէն Իզի Մարթինես իր կարգին Հայաստանի մէջ մրցաշարք կազմակերպելու մասին նշում կատարած էր:

«Մենք ունինք անհրաժեշտ ամբողջ աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց գլխաւոր աստղը` Արմանը: Նման մրցաշարք կազմակերպելը շատ հետաքրքրական կրնայ ըլլալ», ըսած էր Մարթինես:

«ՌԱՖ», որ հիմնուած է Թամփա Պէյի մէջ (Ֆլորիտա), Միացեալ Նահանգներէն դուրս արդէն իսկ մրցաշարք կազմակերպած է Վրաստանի մէջ եւ յաջորդ միջազգային մրցաշարքը նախատեսած է կազմակերպել Մոսկուայի մէջ (սեպտեմբերին):

Leave a Comment