Թրամփ. «Ռուս-Ուքրանական Հակամարտութեան Կարգաւորման Հարցին Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրուած Է»

Ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է: Այս մասին Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

«Մենք կ՛աշխատինք Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: Կը կարծեմ` մեր մօտ յառաջընթաց կը նկատուի: Ես կարգաւորած եմ ութ պատերազմ: Կը կարծէի, որ ասիկա, թերեւս, ամէնէն դիւրիններէն մէկը պիտի ըլլայ, սակայն անիկա ամէնէն բարդը ելաւ: Սակայն յառաջընթաց արձանագրուած է», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:

Թրամփ չէ նշած, թէ խօսքը ի՛նչ յառաջընթացի մասին է:

Leave a Comment