Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի մէջ տիրող գնահատումին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դէպի Իրանի հետ համաձայնութեան կնքում կ՛ուղղուի:
Կայանը կը նշէ, որ պահեստի գնդապետ Ուզի Տայան յայտնած է, որ Իսրայէլ պէտք է իր գործելու ազատութիւնը պահպանէ` նշելով. «Իրանցիները ընկճելնուս այլընտրանքը չունինք»: