Սէուտցի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ սէուտական, ամերիկեան եւ միջինարեւելեան պետութիւններէ հետախուզական տեղեկութիւններ ցոյց կու տան, թէ իրաքեան զինեալ խմբաւորումներն ու եմէնեան Անսարուլլա շարժումը Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին հսկողութեամբ Սէուտական Արաբիոյ վրայ մօտալուտ յարձակումի շղթայազերծման համար համակարգում կը կատարեն: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Ըստ պաշտօնատարներուն, յարձակումները կրնան թիրախաւորել քաղաքային եւ տնտեսական ենթակառոյցներ, որոնց շարքին ուժանիւթի կառոյցներ, օդակայաններ եւ նաւահանգիստներ` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիան անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու տեղափոխում նկատած է, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ թագաւորութեան հիւսիսային եւ հարաւային շրջաններուն դէմ համակարգուած յարձակումներ կը սպասուին:
Պաշտօնատարը նշեց, որ սպասուող սպառնալիքները մտահոգիչ են, մանաւանդ որ կը զուգադիպին մագլցումը մեղմացնելու եւ բանակցութեան ճամբով կարգաւորման հասնելու Ռիատի ջանքերուն` աւելցնելով, որ բոլոր կողմերուն, ներառեալ Իրանի հետ հաղորդակցութիւններն ու միջնորդներու ջանքերը ցոյց կու տան, թէ անոնք «ճիշդ ուղղութեամբ» կ՛ընթանան, եւ ծրագրուող յարձակումներուն նպատակը կրնայ դիւանագիտական այդ ջանքերը խոչընդոտելը ըլլալ:
Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած զինուորական դաշինքի բանբեր հազարապետ-զօրավար Թուրքի Մալիքի «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, որ հուսիներու Նաժրան նահանգին վրայ կատարած յարձակման հետեւանքով արձանագրուած են 11 վիրաւորներ` 7 սէուտցի քաղաքացիներ, մէկ եմէնցի եւ մէկ փաքիստանցի:
«Ռոյթըրզ»-ի հաղորդումով` վիրաւորներու շարքին կայ չորս տարեկան մանուկ մը, որ երկրորդ աստիճանի այրուածքներ ստացած է:
Սէուտական Արաբիան իրանամէտ հուսիները մեղադրած է քաղաքային կառոյցները թիրախաւորելու յանցանքով` յայտարարելով, որ դաշինքը ամէն ինչ պիտի ընէ` խաղաղ բնակչութիւնը պաշտպանելու համար: