Օվերչուք. «Այս Տարի Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Ապրանքաշրջանառութիւնը Երկու Երրորդով Կրճատուած Է»

Այս տարի Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ապրանքաշրջանառութիւնը երկու երրորդով կրճատուած է: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հարցումին պատասխանելով յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:

«2024 թուականին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը հասած է մրցանշային ցուցանիշի` շուրջ 12 միլիառ տոլաի: Ասիկա հսկայական թիւ է: Անցեալ տարի անիկա նուազած է մինչեւ շուրջ 8 միլիառի: Այս տարի տեղի կ՛ունենայ ապրանքաշրջանառութեան շատ աւելի մեծ անկում: 2025 թուականի համեմատութեամբ ապրանքաշրջանառութեան շուրջ երկու երրորդը: Իրավիճակը այնպիսին է, որ ակնյայտ է` անիկա հետագային եւս պիտի կրճատուի», յայտարարած է փոխվարչապետը Չոլփոն Աթայի մէջ Ռուս-խըրխըզական տնտեսական ֆորումի քուլիսներուն մէջ:

Օվերչուքի համաձայն, իրավիճակը, որ այժմ ԵԱՏՄ-ի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ կը զարգանայ, կանխատեսելի էր:

«Եւ մենք վերջին երեք-չորս տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մեր գործընկերներուն կ՛սէինք, որ նման վտանգներ գոյութիւն ունին, մասնաւորաբար` ապրանքաշրջանառութեան կրճատման վտանգները», ընդգծած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը:

Leave a Comment