Մենք ՕԹԱՆ-ի երկիրներու եւ առանձին արեւմտեան պետութիւններու Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի դաշնակիցներէն անջատելու ձգտումը կը նկատենք: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիքթոր Վասիլեւ:
«Անշուշտ, մենք կը նկատենք ՕԹԱՆ-ի երկիրներու եւ առանձին արեւմտեան պետութիւններու ձգտումը` Հայաստանը անջատելու ՀԱՊԿ դաշնակիցներէն, ներառեալ միացեալ ռազմափորձերու կատարման ճամբով: Հայաստանի ներկայ ղեկավարութեան նման մօտեցումը, անկասկած, չի համապատասխաներ երկրի անվտանգութեան եւ գերիշխանութեան ապահովման երկարաժամկէտ շահերուն:
«Անոնք, որոնք կ՛ուսումնասիրեն շրջանի պատմութիւնը, ներառեալ բազմադարեայ յետահայեացքով, հաւանաբար պիտի գտնեն բազմաթիւ փաստեր, որոնք կ՛ապացուցեն, որ հայ ժողովուրդի ճակատագիրը դասաւորուած է բաւականին ոչ դիւրին եւ երբեմն արիւնալի կերպով:
«Այն հարցումին պատասխանը, թէ ո՛վ եղած է անոր անվտանգութեան եւ բարգաւաճման գլխաւոր երաշխաւորը բազմամեայ պատմութեան ընթացքին, հաստատօրէն է եւ ինկած է մակերեսին», ըսած է Վասիլեւ պատասխանելով լրագրողներու խնդրանքին` ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի անդամակցութեան «սառեցման» լոյսին տակ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է փոխզիջում գտնել 2021-էն երկարաձգուող խնդիրներուն մէջ, եւ արդեօք ատիկա կապուա՞ծ է Մոսկուա-Երեւան երկկողմանի յարաբերութիւններուն հետ` Վասիլեւ նշած է.
«ՀԱՊԿ-ի հետ Հայաստան որեւէ հակամարտութիւն գոյութիւն չունի: Խօսիլ այն մասին, թէ իբրեւ թէ ատիկա կ՛երկարի 2021 թուականէն, նոյնպէս նախնական կերպով սխալ է», ըսած է ան:
Հասկնալով, որ թուականը կը կապուի Արցախի շուրջ ստեղծուած կացութեան հետ, Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ տարիներ շարունակ, ներառեալ միջազգային տարբեր ձեւաչափերու վրայ, փորձեր կատարուած են Արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման փոխզիջումային լուծումներ գտնելու:
Անոր համաձայն, Մոսկուան եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինը առաջարկած են համապատասխան լուծումներ, որոնք քաջ յայտնի եղած են թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան:
«Ցաւօք, խաղաղ ճամբով համաձայնութեան հասնիլ, նախ եւ առաջ տուեալ տարածքային վէճի կողմերուն միջեւ, չյաջողուեցաւ: Հակամարտութեան հետեւանքով զոհ դարձան թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքային բնակչութիւնը, թէ՛ ալ խաղաղապահ ռուս զինուորներ: Կը կարծեմ, որ Հայաստանի քաղաքացիները պէտք է յիշեն նաեւ այդ մասին: Սակայն որեւէ պարագայի ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ՀԱՊԿ-ի լիազօրութեան հետ առնչութիւն չէ ունեցած, եւ Երեւանի մէջ ատիկա գիտեն», նշած է դիւանագէտը:
Վասիլեւ նաեւ աւելցուցած է, որ Ռուսիան կը ձգտի պահպանել Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւնները` հաշուի առնելով երկու ժողովուրդներու դարաւոր պատմութիւնն ու կապերը: Ան ընդգծած է, որ ՀԱՊԿ-ի անդամ միւս պետութիւնները նոյնպէս ունին իրենց հետաքրքրութիւններն ու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու սեփական պատմութիւնը: