Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան գրառումով մը անդրադարձած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսներու դէմ յարուցուած շինծու դատին: Ան նշած է.
«Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ եպիսկոպոսներու դէմ յարուցուած շինծու դատը, եւ առհասարակ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ դէմ շղթայազերծուած արշաւը, ոչ միայն անօրէն է ու դատապարտելի, այլեւ կը խարխլէ մեր պետականութեան հիմքերը, կը հատէ բոլոր կարմիր գիծերը եւ կը խորացնէ ազգային պառակտումը:
Հայկական ինքնութեան պահպանման դարաւոր այս հաստատութեան եւ կաթողիկոսական գահին հանդէպ օրըստօրէ ծաւալուող ծրագրուած հալածանքը հրճուանք կը պատճառէ միայն Հայաստանի ու հայութեան թշնամիներուն:
Անմիջապէս պէտք է կասեցնել այս ազգակործան արշաւը` յարգելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան տառն ու ոգին եւ բացառելով եկեղեցւոյ ներքին կանոններուն մէջ պետական որեւէ միջամտութիւն»: