Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց. «Հայրենիքի ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը մարդուն ամէնէն յարգի բաներն են, եւ երբ զանոնք կը կորսնցնէ, այլեւս անոր գոյութիւնը կը դառնայ անիմաստ: Երբ քաղաքացիները այլ պետութենէ եկող այլ իշխանութեան մը իբրեւ գերի կ՛ապրին, հայրենիքը իր իմաստը կը կորսնցնէ:
«Այսօր սուրիացիի Լիբանան մուտքով կը սպառնան: Մենք, բնականաբար, կ՛ուզենք Սուրիոյ հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները պահպանել, սակայն պիտի շարունակենք դէմ կանգնիլ եւ Լիբանանի հարցերուն որեւէ միջամտութիւն չընդունիլ, որպէսզի չապրինք անցեալ մը, որուն կրկնութիւնը չենք ուզեր:
«Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թիւին վերաբերեալ մեր հարցումին կառավարութեան տուած պատասխանը ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն հրաժարած է իր ժողովուրդին նկատմամբ իր պատասխանատուութիւններէն, այն պահուն, երբ Լիբանանը պատերազմի եւ տնտեսական մեծ տագնապի մէջ կ՛ապրի, իսկ Սուրիոյ իրավիճակը բարելաւուեցաւ, եւ այլեւս պատճառ չկայ, որ սուրիացիները իրենց տունը չվերադառնան: Ուստի, ինչպէ՞ս կրնանք Սուրիոյ մէջ տնտեսական դժուար կացութեան պատրուակով սուրիացիներու Լիբանան նոր մուտքը ընդունիլ»: