Նորընտիր Ազգային Ժողովն Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն. Նիկոլ Փաշինեան Վերանշանակուեցաւ Վարչապետ

7 յունիսին ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիմամբ ձեւաւորուած 9-րդ գումարման Ազգային ժողովը երէկ սկսաւ իր աշխատանքներուն:

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքին համաձայն` խորհրդարանական հերթական ընտրութիւններուն պարագային նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանը կը հրաւիրուի նախորդ գումարման Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտման օրը` ժամը 10:00-ին:

Նոր խորհրդարանի առաջին նստաշրջանի օրակարգին մէջ ընդգրկուած հարցերն էին` հաշուիչ յանձնախումբի ստեղծում, Ազգային ժողովի նախագահի ընտրութիւն, Ազգային ժողովի նախագահի երեք տեղակալներու ընտրութիւններ, մնայուն յանձնախումբերու ստեղծում, բարոյագիտութեան յանձնախումբի ստեղծում, մնայուն յանձնախումբերու նախագահներու ընտրութիւններ, Կառավարութեան առաջարկով` Կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութեան վերաբերեալ օրէնքի նախագիծի քննարկում, Կառավարութեան ծրագիրին հաւանութիւն տալու հարցը:

Մինչեւ խորհրդարանի նախագահի ընտրութիւնը նիստը կը վարէ ամէնէն տարեց պատգամաւոր Կնեազ Հասանով, որ նստաշրջանը յայտարարեց բացուած: Նիստին ներկայ էինն բոլոր երեք խմբակցութիւնները եւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը:

Հնչեց Հայաստանի քայլերգը, ապա ելոյթ ունեցաւ երկրի նախագահը:

Հաշուիչ յանձնախումբի ձեւաւորումէն ետք Ազգային ժողովը անցաւ խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան հարցին:

Առաջադրուեցաւ միայն «Քաղաքացիական պայմանագիր»-էն Ռուբէն Ռուբինեանի թեկնածութիւնը, որ նախորդ խորհրդարանին մէջ Ազգային ժողովի փոխնախագահն էր: Ազգային ժողովը այսօր կը շարունակէ իր նիստը:

Ազգային ժողովի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները` «Ուժեղ Հայաստան»-ը եւ «Հայաստան»-ը գացին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին` անոր օրհնութիւնը ստանալու համար:

Այս միջոցին գործող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստորագրեց նախորդ կառավարութեան հրաժարականը եւ զայն ուղարկեց հանրապետութեան նախագահին: Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունեց նախորդ կառավարութեան հրաժարականը: Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը նախագահին ներկայացուց Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը վարչապետի պաշտօնին համար: Աւելի ուշ Նիկոլ Փաշինեան վերանշանակուեցաւ իբրեւ Հայաստանի վարչապետ:

Leave a Comment