Ռուսիան կը ցանկայ պահպանել Հայաստանի հետ իր բարեկամական յարաբերութիւնները, իսկ ՀԱՊԿ-ի միւս անդամ երկիրները նոյնպէս ունին իրենց շահերն ու Երեւանի հետ յարաբերութիւններու պատմութիւնը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է ՀԱՊԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիքթոր Վասիլեւ:
«Մենք կը ցանկանք պահպանել Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները` հաշուի առնելով, որ մեր ժողովուրդներու կեանքերն ու ճակատագիրները միահիւսուած են ոչ թէ տասնամեակներով, այլ դարերով:
«ՀԱՊԿ-ի միւս անդամ պետութիւններն ալ ունին իրենց շահերն ու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու սեփական պատմութիւնը», նշած է Վասիլեւ: