Արցախի աջակցութեան ընկերակցութիւնը կը հաղորդէ, որ Քորսիքայի ժողովին կողմէ 31 յուլիսին որդեգրած է բանաձեւ մը, որով կը պահանջուի Ազրպէյճանի մէջ պահուող Արցախի 19 հայ քաղաքական բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատուի արցախահայութեան` անվտանգ, արժանապատիւ եւ առանց խոչընդոտներու հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը` համաձայն ՄԱԿ-ի Արդարդադատութեան միջազգային դատարանի սահմանած ժամանակաւոր միջոցներու:
Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան յայտարարած է. «Մենք պիտի շարունակենք մեր յանձնառութիւնը բոլոր այն քաղաքական, հասարակական եւ քաղաքային ուժերու կողքին, որոնք, ինչպէս Քորսիքայի ժողովը, միջազգային օրէնքը ընտրած են իբրեւ իրենց միակ ուղենիշը, մինչեւ որ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները լիովին վերականգնուին»:
Արցախի աջակցութեան ընկերակցութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Քորսիքայի ժողովի երեսփոխաններուն, յատկապէս «Քորէ Ին Ֆրոնթէ» խմբակցութեան, որ նախաձեռնած էր այս բանաձեւը, միջազգային օրէնքին նկատմամբ յարգանքի պահանջը գործնական քաղաքական քայլի վերածելու համար: