Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Անաս Խաթթապ ընդունեց Դամասկոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Հանրի Քասթունը` ներկայութեամբ միջազգային գործակցութեան վարչութեան տնօրէն գնդապետ Ապտելռահիմ Ժպարայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ արաբական հարցերու բաժանմունքի ներկայացուցիչ Մոհամետ Ռաշիտի:
Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը նիւթերու եւ թղթածրարներու շուրջ համակարգումը: