Աթլեթիզմ. Զուլալ Պեզճեան` Եօթնամարտի Լիբանանի Ախոյեան. Նիզակ Արձակելու Մրցանիշ Մը Եւս

ՀՄԸՄ-ի աթլեթ Զուլալ Պեզճեան այս շաբաթ դարձաւ եօթնամարտի Լիբանանի ախոյեան (հեփթաթլոն), ինչպէս նաեւ նիզակ արձակելու մրցանիշ մը եւս ձեռք ձգեց:

Նախ եօթնամարտի մրցումներուն, որ կը բաղկանայ 7 մարզաձեւերէ` արգելարշաւ, բարձրութիւն ցատկել, գունտ նետել, 200 մեթր վազք, նիզակ արձակել, մէկ քայլ ոստում, ինչպէս նաեւ 800 մեթր վազք, ՀՄԸՄ-ի մարզիկը կէտերու հաշուով առաջին դիրքը գրաւելով դարձաւ Լիբանանի ախոյեան:

Ան նիզակ արձակելու մրցումին մրցանիշ մը եւս հաստատեց 36,07 մեթր արդիւնք մը ձեռք ձգելով` դառնալով նոր մրցանիշի տէր: Տաղանդը կարեւոր է, բայց լուրջ աշխատանքը վստահաբար իր արդիւնքը կու տայ, եւ ինչպէս կը տեսնենք, Զուլալ Պեզճեան ամիսներէ ի վեր նիզակ նետելու մրցանիշը կը բարելաւէ:

Անշուշտ Զուլալ Պեզճեանի կողքին դեր ունին նաեւ իր մարզիչները, որոնց ցուցմունքներով եւ փորձերով ան յաւելեալ փայլուն արդիւնքներու կրնայ հասնիլ:

Leave a Comment