«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Հայաստանէն Երկու Ներկայացուցիչ Կը Շարունակէ Իր Ճանապարհը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցումներուն յաջողութեամբ հասնելէ ետք Գ. հանգրուան, Արարատ Արմենիա առաջին անգամ ըլլալով հասած էր այս հանգրուանը (հայկական պատմական իրագործում)` յաղթելէ ետք Իրլանտայի ախոյեան Շեմրոք Ռովըրզին:

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ի Գ. հանգրուան հասաւ անցեալ տարի փայլուն արդիւնքներ արձանագրած Նոա ակումբը:

Հայաստանի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Նոա Աբովեանի Վահագն Թումասեանի անուան մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէր Մոլտովայի Զիմպրու Քիշինեւը:

Երթին Քիշինեւի մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, Նոա դարձի մրցումին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը եւ հասաւ զտումի Գ. հանգրուանը:

Այս հանգրուանին Նոա պիտի մրցի Զուիցերիոյ Սիոնին դէմ: Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ` 6 օգոստոսին, իսկ դարձը` 13 օգոստոսին:

Փիւնիկ եւ Ալաշկերտ չկրցան հասնիլ Գ. հանգրուան` զիջելով Տեպրեցենի եւ Քլուժի դէմ:

Փիւնիկ Հունգարիոյ մէջ երթին 1-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք պէտք էր առնուազն 14 կոլի տարբերութեամբ յաղթէր, բայց Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական դաշտին վրայ Տեպրեցին դիմացաւ մանաւանդ Բ. կիսախաղին Փիւնիկի ճնշումին, բայց առիթները կոլի չվերածուեցան, եւ մրցումը վերջ գտաւ 0-0 արդիւնքով:

Ալաշկերտի վիճակը շատ աւելի ցաւալի էր: Արդարեւ, երթին 1-1 արդիւնքով աւարտելէ ետք, Ալաշկերտ Ռումանիոյ մէջ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց, ուր մանաւանդ 12-րդ վայրկեանի կարմիր քարտը մեծ դեր ունէր մարզիչ Գէորգեանի խումբին ձախողութեան մէջ: Պրազիլցի յետսապահ Սեզար կարմիր քարտ մը ստացած էր 12-րդ վայրկեանին, երբ արդէն Քլիւժ 3-րդ վայրկեանին կոլ նշանակած էր: Աւելի ուշ Քլիւժ 2 այլ կոլեր ալ նշանակեց` պատճառ դառնալով, որ Ալաշկերտ դուրս մնայ:

 

Leave a Comment