Պասքեթպոլ. Այսօր Պասքեթպոլի Քաջալերական Մրցումներ

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, նախկին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի պասքեթպոլի վերանորոգուած դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլի 3×3 մրցումներ, 3 հոգինոց խումբերով: Տղոց խումբերը պիտի ըլլան մինչեւ 15 տարեկան, մինչ աղջկանց խումբերը պիտի ըլլան մինչեւ 18 տարեկան:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմակերպած քաջալերական այս մրցաշարքը կը հովանաւորէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, մրցաշարքը վստահաբար պիտի ըլլայ ձեւով մը երիտասարդ նոր մարզիկներ գտնելու միջոց` ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի ապագայի խումբերուն համար:

 

 

Leave a Comment