Անչելոթթի Լրջօրէն Կ՛աշխատի Պրազիլի Համար

Պրազիլի ազգային խումբի իտալացի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի տակաւին ինքզինք կը գտնէ անցեալ Մոնտիալի Գ. հանգրուանին Նորվեկիոյ դէմ պարտութենէն (1-2) ետք:

Բայց իտալացի մասնագէտը ետեւ չ՛ուզեր նայիլ, այլ յառաջիկայ 4 տարիներու աշխատանքին անցած է:

Ան լրջօրէն կը հետեւի երիտասարդ խումբերու մարզիկներուն եւ ազգային խումբի հաւաքականին համար 2028-ի Ողիմպիականի մրցումներու պարտութեան:

Ան վերջերս հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց, որ պէտք չունի Սպանիոյ կամ Ֆրանսայի նման խաղալու` շահելու համար իր Մոնտիալի 6-րդ տիտղոսը:

Ան Պրազիլի ֆութպոլի թանգարանին մէջ նստած հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Պէտք չունինք մէկու մը նմանելու, պէտք է սորվինք, թէ ի՛նչ կրնանք բարելաւել: Ունինք դիրքեր, ուր շատ լաւ մարզիկներով օժտուած ենք, ըլլայ պաշտպանողական, ըլլայ յարձակողական: Կեդրոնի միջնապահներու դիրքերուն վրայ պէտք է կեդրոնանալ, եւ հոն կ՛ուզենք բարելաւել: Եւ Ողիմպիական խաղերը ճիշդ պահն են այս մարզիկները գտնելու»:

Անչելոթթի շատ լսած էր Թոքիոյի ողիմպիականի ոսկի մետալի մրցումին  մասին: 5 տարի առաջին Պրազիլ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Սպանիոյ: Սպանիոյ այդ խումբէն 8 մարզիկներ, ինչպէս նաեւ մարզիչ Լուիս Տէ Լա Ֆուենթէ այժմ աշխարհի ախոյեան են, բայց Պրազիլ այդ խումբէն միայն նկատի առաւ միջնապահ Պրունօ Կիմաթայէշը եւ յառաջապահ Մաթէու Քունիան 2026-ի Մոնտիալին:

«Կապի մէջ ենք մինչեւ 15, մինչեւ 17 եւ մինչեւ 20 տարեկան հաւաքականներու մարզիչներուն հետ` գտնելու տաղանդներ եւ հետեւելու անոնց յառաջդիմութեան, վստահ ըլլալով, որ անոնք պատրաստ ըլլան յառաջիկայ Մոնտիալին: 4 տարի առաջ Ռայան մինչեւ 17 տարեկաններու ազգային խումբին հետ էր: Շատ կարեւոր է հետեւիլ երիտասարդներու աճումին, որպէսզի մինչեւ 2030 լաւ սերունդ մը ունենանք իրեն նման յառաջդիմած»:

Պրազիլի բազմաթիւ համակիրներ հաւանաբար այդքան համբերատար չըլլան, մանաւանդ որ Պրազիլի նման խումբերէ միշտ կը սպասուի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել: Բայց Անչելոթթի կը կարծէ, որ իր նպատակը քիչ մը աւելի երկար աշխատանքի կը կարօտի: «Այժմ, ֆութպոլը մէկ աստղի պէտք չունի, պէտք է ամբողջ խումբը զօրացնել: Պրազիլ մէկ մարզիկէ կախեալ չէ, եւ պէտք չունի ըլլալ այդպէս: Շատ լաւ մարզիկներ ունինք: Նպատակը զօրաւոր եւ միակամ խումբ ունենալն է»:

Պրազիլի առաջին «օտար» գլխաւոր մարզիչին լուրջ աշխատանքի առաջին մրցումները պիտի ըլլան բարեկամական մրցումներ` յառաջիկայ սեպտեմբերին 2 մրցում Աւստրալիոյ դէմ, եւ մէկ մրցում հոկտեմբերին` Հնդկաստանի դէմ: Անչելոթթի գիտէ, որ ճնշումը բարձր պիտի ըլլայ մինչեւ 2028-ի «Քոփա Ամերիքա»-ն: Ան կը կարծէ, որ «Քոփա Ամերիքա»-ի եւ Ողիմպիական խումբի լաւագոյն մարզիկները պէտք է ըլլան 2030-ի Մոնտիալի կազմին մէջ:

Ան նոյնիսկ խօսեցաւ, թէ Իտալիոյ ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը բնաւ կապ չունէր իր պայմանագրութեան հետ, այլ ան պարտականութիւն կը զգար Պրազիլի հետ շարունակելը եւ ապագայի դրած իր ծրագիրը:

Leave a Comment