Բռնցքամարտի գերծանր կշիռի աշխարհի նախկին ախոյեան Մայք Թայսըն Մոնտիալի ժամանակ շատ հետաքրքրուած կը թուէր ֆութպոլով եւ նախապէս ալ ան կարծիք յայտնած էր ելոյթներուն մասին:
«Տը Ռինկ» ամսագիրին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Թայսընին յիշեցուցած են, թէ ինչպէ՛ս ներկայ եղած էր վերջին Մոնտիալի աւարտականին` կրելով Մեսսիի մարզաշապիկը: Միեւնոյն ժամանակ, անցեալին ջերմ յարաբերութիւն ունեցած էր Տիեկօ Մարատոնայի հետ: Պատասխանելով հարցումի մը, թէ ո՞վ աւելի լաւ էր, Մեսսի՞ն, թէ՞ Մարատոնան, Թայսըն ըսած է. «Ես միշտ կը նկատեմ, թէ Մարատոնան պատմութեան լաւագոյնն է: Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ Մեսսին ալ լաւ չէ: Ես անձամբ ծանօթ էի Մարատոնային, բայց մօտէն չեմ ճանչնար Մեսսին: Ես կը յարգեմ եւ կը սիրեմ զինք, բայց չեմ ճանչնար զայն այնպէս, ինչպէս գիտէի Տիեկոն: Ան հրաշալի տղայ էր, ինծի համար եղբօր պէս էր: Մեսսին այդ մէկը կը հասկնայ», ըսած է Թայսըն:
Յիշեցնենք, որ 2026-ի Մոնտիալին, Մեսսին 8 կոլերու հեղինակ դարձաւ, կոլ-սքորըրներու ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը գրաւելով` զիջելով միայն 10 կոլեր նշանակած Քիլիան Էմպափէին:
Մոնտիալի աւարտական մրցումին Արժանթին 1-0 արդիւնքով պարտուած էր Սպանիայէն: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտելէ ետք սպիտակ հաւասարութեամբ, երկարաձգման երկրորդ կիսախաղին Ֆեռան Թորես նշանակած էր մրցումի միակ կոլը:
Իր ասպարէզի ընթացքին Մեսսի Արժանթինի ազգային խումբին հետ 207 մրցումներ կատարած է` նշանակելով 125 կոլ: Ան 2022-ին շահած է Մոնտիալը եւ 2022-ի «Ֆինալիսիմա»-ն, երկու անգամ ալ «Քոփա Ամերիքա»-ն (2021 եւ 2024), ինչպէս նաեւ ան 2008-ի Ողիմպիական խաղերու ախոյեան դարձած է: