«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Անդամները Ամբողջութեամբ Դէմ Քուէարկեցին ՖԻՖԱ-ի Ծրագիրին

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 55 անդամները պոյքոթի համար քուէարկեցին ՖԻՖԱ-ի նոր ծրագիրին դէմ, ուր այս վերջինը որոշած էր նոր խմբակի մը յանձնել Մոնտիալի կազմակերպչական աշխատանքը:

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հինգշաբթի գիշերուան ժողովին հրապարակեց պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած էր. «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն եւ իր 55 ֆետերասիոններու անդամները միասին կը կանգնին: Մենք բոլոր անդամներով դէմ ենք եւ կը մերժենք ՖԻՖԱ-ի նոր ծրագիրը` փոխանցելու մրցաշարք մը անհատական ներդրողներու: Մոնտիալը վաճառականական գործիք չէ: Այլ ֆութպոլի մեծագոյն մարզական կտակն է: Մոնտիալը կառուցուած է խաղցողներու սերունդներով, ազգային խումբերով եւ բոլոր ցամաքամասերու համակիրներով եւ ազգային հաւաքականներով: Ոչ մէկ մաս պէտք է յանձնուի անձնական ներդրողներու: Մոնտիալը ծախու չէ: Այս քայլը, թէ՛ անպատասխանատու եւ թէ՛ աններելի է ֆութպոլի գծով այս ձեւի գաղափար մը յղանալ գաղտնօրէն, առանց կարծիք փոխանակելու որեւէ մէկուն հետ: Ասիկա փասօրէն ոչ թէ ղեկավարութեան ձախողութիւն է միայն, այլ նաեւ ՖԻՖԱ-ի պարտականութենէն անպատասխանատու հրաժարում»:

ՖԻՖԱ-ի անդամ երկիրները մինչեւ 19 սեպտեմբեր ժամանակ ունին իրենց հաւանութիւնը տալու Ինֆանթինոյի առաջարկին:

 

Leave a Comment