Զիտան Գլխաւորեց Ֆրանսան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ֆրանսայի ազգային խումբի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտան յայտարարեց, որ Ռէալ Մատրիտի ղեկը լքելէ ետք առանց զբաղումի մնացած չէր: Անուանի մասնագէտը նշեց, որ շարունակած է աշխուժ ձեւով հետեւիլ ֆութպոլին:

«Ես հինգ տարի ձեռքերս ծալած չէի նստած: Դիտեցի շատ աւելի հանդիպումներ, քան այն ժամանակ, երբ կը մարզէի Ռէալը: Երկար հետեւեցայ Ֆրանսայի ազգային խումբին եւ կը տեսնեմ, որ խումբը հսկայական ներուժ ունի», ըսաւ «Զիզու» «Լ՛էքիփ» պարբերականին:

Յիշեցնենք, որ Զիտան Ռէալ Մատրիտի հետ երեք յաջորդական տարիներ կրցած է յաղթել «Չեմփիընզ լիկ»-ը, ինչպէս նաեւ երկու անգամ նուաճած է Սպանիոյ ախոյեանի տիտղոսը:

2021-ին Ռէալ Մատրիտէն հեռանալէ ետք ան որեւէ խումբ չէր գլխաւորած` սպասելով Ֆրանսայի ազգային խումբի ղեկը ստանձնելուն:

Նշենք, որ Ֆրանսայի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին վրայ Զիտան փոխարինեց Տիտիէ Տեշանը, որ ազգային խումբին հետ աշխատած էր 14 տարիներ: Տեշան 2012-ի Եւրոպայի ախոյեանութենէն ետք փոխարինած էր Լորան Պլանը: Ան 2014-ի Մոնտիալին հասած էր քառորդ աւարտական` պարտուելով աւելի ուշ ախոյեան Գերմանիայէն: 2016-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն Ֆրանսա հասած էր աւարտական, բայց պարտուած Փորթուգալէն: 2018-ին Մոնտիալը շահած (Խրուաթիոյ դէմ), ապա 2020-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան Զուիցերիոյ մրցումին դուրս մնացած էր (փենալթիներով): 2022-ի Մոնտիալին ալ Տեշան Ֆրանսայի հետ դարձած էր փոխախոյեան, բայց 2024-ին Եւրոպայի ախոյեանութեան կիսաւարտականին պարտուած էր Սպանիայէն: Վերջին Մոնտիալին Տեշանի Ֆրանսան գլխաւոր թեկնածուներէն մէկն էր, բայց կիսաւարտականին անգամ մը եւս պարտուեցաւ Սպանիայէն:

Այժմ Զիտան բաւական լաւ խումբ ունի իր տրամադրութեան տակ, եւ շատ բան կը սպասուի իրմէ:

 

Leave a Comment