Փաուլօ Մալտինիի անակնկալ հրաժարականէն ետք, Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշանակեց Քլաուտիօ Ռանիերին` իբրեւ ազգային խումբի թեքնիք տնօրէն: 74 տարեկան Ռանիերի անմիջապէս նշանակեց Ռոպերթօ Մանչինին` իբրեւ Իտալիոյ գլխաւոր մարզիչ:
Մանչինի եղած էր Իտալիոյ վերջին մարզիչը, որ գլխաւոր տիտղոս մը շահած էր` 2020-ի Եուրոն: Սակայն ձախողելէ ետք 2022-ի Մոնտիալին հասնելէ, 2023-ի օգոստոսին լքած էր իր պաշտօնը` մեկնելով Սէուտական Արաբիոյ ազգային խումբը մարզելու:
Ան զղջացած էր ըստ երեւոյթին: «Ներողութիւն կը խնդրեմ… սիրուած կինդ լքելու նման բան մըն էր ըրածս: Այսինքն` ըսել կ՛ուզեմ, բան մը ըրի, որ պէտք չէր ընէի: Վերջին երեք տարիներուն համար ներողութիւն կը խնդրեմ եւ պիտի փորձեմ ազգային խումբը վերադարձնել հոն, ուր որ կը պատկանի»:
61 տարեկան Մանչինիի առաջին մրցումը պիտի ըլլայ Պելճիքայի դէմ 25 սեպտեմբերին, Ազգերու լիկայի մրցաշարքին:
2018-էն 2021-ի միջեւ Մանչինի Իտալիան 37 յաջորդական մրցումներ անյաղթ մնացած էր (որ մրցանիշ մըն էր այդ ժամանակ), բայց փլէյ-օֆին պարտուելէ ետք Մակեդոնիոյ դէմ (2022-ին), «Ացուրի»-ն ձախողած էր Մոնտիալին հասնիլ: