«Հայփ Էֆ. Սի.». Արման Ծառուկեանի Տիտղոսի Մենամարտը` Այս Շաբաթ

Վաղը Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Հայփ Արմինիա» մրցաշարքը, որուն գլխաւոր իրադարձութիւնը պիտի ըլլայ «Կրեփլինկ»-ի ախոյեանի տիտղոսի մենամարտը` Արման Ծառուկեանի եւ հնդիկ Անքիթ Պայանփուրիայի միջեւ:

Մենամարտը տեղի պիտի ունենայ «Սապմիշըն Օնլի» կանոններով, ուր յաղթական կը հռչակուի միայն ցաւցնող կամ խեղդող հնարքով շահող մարզիկը: Մենամարտը պիտի ըլլայ ախոյեանութեան գօտիին վրայ, զոր Ծառուկեան նուաճած էր Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած «Հայփ Էֆ. Սի.»-ի մրցաշարքին յաղթելէ ետք Մոհամետ Մոքայեւին:

Երեկոյի երկրորդ «Կրեփլինկ»-ի մենամարտը պիտի ունենայ Լեւ Սարգսեան:

Հայաստանի ներկայացուցիչը պիտի մրցի հնդիկ մարզիկ Քրիշանի դէմ: Մնացած ճակատումները տեղի պիտի ունենան մերկ բռունցքներով (առանց ձեռնոցի) եւ «Տըրթի պոքսինկ»-ի կանոններով:

Մրցաշարքի կեդրոնական իրադարձութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ Դաւիթ Խաչատրեանի եւ Իպրահիմ Նիքարհոյի միջեւ տիտղոսի մենամարտը: Մարզիկները կը պայքարին մերկ բռունցքներով «Հայփ»-ի ախոյեանութեան համար:

Հետաքրքրական մենամարտեր եւս կան, ուր Հայաստանէն ներկայացուցիչներ Ռաֆայէլ Աբրահամեան, Մանուկեան, Յովհաննիսեան, Աթայեւ, Նարեկ եւ Գալստեան պիտի մրցին ռուս, իտալացի, գերմանացի, տաճիկ եւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներու դէմ:

Leave a Comment