ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ կ՛ուզէ Մոնտիալի իրաւունքներուն մէկ մասը վաճառել ներդրող կողմերու:
Այս լուրը բաւական ցնցած է ֆութպոլի աշխարհը, մանաւանդ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն:
Եւրոպայի ազգային խումբերը կրնան նոյնիսկ պոյքոթի ենթարկել Մոնտիալը, եթէ ՖԻՖԱ-ն վաճառէ մրցաշարքի իրաւունքներուն մասնաբաժինը:
Ըստ «Սքայ Նիուզ»-ին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին մաս կազմող ֆետերասիոններ այս շաբաթ արտակարգ հանդիպում պիտի ունենան: Անոնք պիտի քննարկեն Մոնտիալը պոյքոթի ենթարկելու կարելիութիւնը, եթէ ՖԻՖԱ-ի նախագահը իր ծրագիրը իրագործէ:
Ի՞նչ է Ինֆանթինոյի ծրագիրը… Այս ծրագիրով կը նախատեսուի ստեղծել ընկերութիւն մը, որ պիտի կառավարէ ՖԻՖԱ-ի տղոց եւ աղջկանց Մոնտիալները եւ ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ակումբներու մոնտիալներն ու երիտասարդ եւ պատանի աշխարհի ախոյեանութիւնները:
ՖԻՖԱ-ն կը հաստատէ, որ ներդրումային խումբը կը ղեկավարէ «Թրայվ Քափիթըլ»-ը, որ հիմնադրուած է Տանըլտ Թրամփի փեսային` Ճերըտ Քուշների եւ անոր կրտսեր եղբօր` Ճոշուա Քուշների կողմէ:
ՖԻՖԱ-ին մաս կազմող 211 ազգային ֆետերասիոններուն եւ անդամներուն իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ մօտ 20 միլիոն տոլարի հաւանական բաժնեմաս կամ կրնայ վաճառել զայն` լրացուցիչ եկամուտ ստանալու համար:
Ըստ աղբիւրներուն, 56 տարեկան Ինֆանթինօ շատ հաւանաբար առանց մրցակցութեան կը վերընտրուի ՖԻՖԱ-ի նախագահ եւ կը շարունակէ պաշտօնավարել մինչեւ 2031 թուական:
Բրիտանիոյ վարչապետ Էնտի Պըրնհեմ բաւական կարծր ձեւով պատասխանած էր Ինֆանթինոյի այս գաղափարին:
«Շատ պարզ ձեւով բացատրեմ: Ֆութպոլը չի պատկանիր ներդրողներուն: Ֆութպոլը կը պատկանի մարդոց, որոնք ամէն շաբաթ, անձրեւին տակ, կ՛ողողեն թրիպիւնները, ոտքի կը սպասեն իրենց խումբերը եւ կ՛աջակցին անոնց դաշտի եզրին: Մոնտիալը ապրանք չէ: Համաշխարհային մարզական մեծագոյն մրցաշարքն է, եւ այդ մէկը ոչ մէկուն կը պատկանի, որքան որ ալ կրնան վաճառել: Այս գործարքը ինչպէս կ՛ուզէք կոչեցէք, բայց եթէ նոյնիսկ անոր մէկ մասը վաճառէք, դուք դաւաճանած կ՛լլաք ամէն ինչի: Ֆութպոլը կը պատկանի համակիրներուն: Միշտ ալ այդպէս եղած է եւ միշտ ալ այդպէս պիտի մնայ», ըսած է Պըրնհեմ: