Գահիրէ. «Տմիաթի Նաւահանգիստին Մէջ Երկու Նաւերու Վրայ Յառաջացած Հրդեհը Անօդաչու Թռչող Սարքի Հետեւանքով Էր»

Եգիպտոսի նախարարաց խորհուրդը յայտարարեց. «29 յուլիս 2026-ին Տմիաթի նաւահանգիստին մէջ երկու նաւերու վրայ յառաջացած հրդեհը վերահսկողութեան տակ առնելէն, եւ առնչակից կողմերու կողմէ դէպքին շուրջ նախնական հետաքննութենէն ետք ի յայտ եկաւ, թէ անիկա հետեւանք է անօդաչու թռչող սարքի, եւ որեւէ կողմ դէպքին համար պատասխանատուութիւն չստանձնեց»:

«Առնչակից կողմերը կը շարունակեն հետաքննութիւնները` բացայայտելու համար դէպքին մանրամասնութիւնները` եւ անհրաժեշտ քայլերը որդեգրելու` Եգիպտոսի շահերն ու ազգային անվտանգութիւնը պահպանելու համար», նշեց նախարարաց խորհուրդը:

Եգիպտոսի քարիւղի նախարարութիւնը չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, թէ Եգիպտոսի հիւսիսային Տմիաթ նաւահանգիստին մէջ բնական կազի մշակման ու պահեստաւորման երկու նաւերու մէջ հրդեհ ծագած է, առանց որ մարդկային վնասներ արձանագրուին:

 

 

Leave a Comment