Ըմբշամարտ. Ազրպէյճանի Մէջ Հնչեց Հայաստանի Քայլերգը. Ջանէս Նազարեան` Աշխարհի Ախոյեան

Հայաստանը ներկայացնող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մարտիկ Ջանէս Նազարեան ոսկի մետալ նուաճեց Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող մինչեւ 17 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան:

Մինչեւ 71 քկ կշիռի աւարտականի մրցումին, Նազարեան 4-3 արդիւնքով յաղթեց ռուս ըմբիշ Ասլան Ձույեւին եւ իր ասպարէզի ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի պատանիներու ախոյեան:

Հայ ըմբիշը տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ մինչեւ աւարտական` իր նախկին մրցումներուն յաղթելով ժամանակէն առաջ 34-0 ընդհանուր հաշուով:

Բայց աւարտականի մրցումը շատ դժուար էր: Նազարեանի մրցակիցը մինչեւ 65 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյեանն էր: Առաջին մասին հայ ըմբիշը 3-1 արդիւնքով կը պարտուէր, սակայն գօտեմարտի երկրորդ մասին Նազարեան կրցաւ կարեւոր կէտեր խլել եւ յաղթել մրցումը:

Աւարտականի մրցումէն ետք, Նազարեան Հայաստանի դրօշով պատուոյ շրջան կատարեց գորգին շուրջ: Պաքուի մէջ մրցումին ներկաներուն մէկ մասը սուլիչներով դիմաւորեց հայ մարզիկը, բայց իրաւարարները եղած էին շատ արդար եւ անսխալ:

Հայաստանի հաւաքականի այս ոսկի մետալը եղաւ այս ախոյեանութեան 3-րդ մետալը` երկու պրոնզներէ ետք:

Այս մրցումէն առաջ Գէորգ Յարութիւնեան մինչեւ 51 քկ կշիռի մրցումներուն ցուցադրած էր ամուր եւ հաստատ կամք եւ յաղթած վրացի ըմբիշ Սապա Ապաշիծէին 5-0 արդիւնքով:

Նախապէս Հայաստանի ախոյեան դառնալէ ետք, Յարութիւնեան չէր ընդգրկուած Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցող հաւաքականին մէջ, բայց աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելով ան ինքզինք փաստեց:

Օր մը առաջ Արարատ Աւետիսեան իր կարգին պրոնզէ մետալ շահած էր 48 քկ կշիռի մրցումներուն:

 

 

Leave a Comment