Բագրատունի Ընդունեց Իրաքի Խորհրդարանական «Սոյանա» Խմբակցութեան Նախագահը

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Իրաքի խորհրդարանի անդամ եւ քրիստոնեայ «Սոյանա» երեսփոխանական համախմբումի պետ Քալտօ Ռամզին, որուն հետ քննարկեց հասարակաց հետաքրքրութեան խնդիրներ:

Ռամզի ներկայացուց Իրաքի ներկայ կացութիւնը եւ քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան իրավիճակը: Ան իբրեւ ասորի երեսփոխան սերտ կապեր ունի Իրաքի հայութեան հետ եւ գործակցութեան լայն դաշտ հաստատած է թէ՛ համայնքին եւ թէ՛ պետական շրջանակներու մէջ:

Ընդհանուր քննարկում կատարուեցաւ շրջանային անցուդարձերու շուրջ եւ անհրաժեշտ նկատուեցաւ տեւական կապի հաստատումը:

Leave a Comment