Երեքշաբթի, 28 յուլիս 2026-ին, ՀՄԸՄ մուտք գործեց համաշխարհային մրցանիշներու «Կինես» գիրք, երբ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի 809 մասնակիցներ, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ, նոր մրցանիշ մը հաստատեցին` կազմելով համաշխարհային սկաուտութեան աշխարհի մեծագոյն Շուշանածաղիկը:
Նախորդ մրցանիշը հաստատուած էր 8 տարի առաջ` 29 յուլիս 2018-ին, Չեշիրի մէջ, Անգլիա, մասնակցութեամբ 445 սկաուտներու:
Համաշխարհային ու պատմական այս մրցանիշին հաստատման ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դէտեր:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ