Արա Նախշքարեան Ձերբակալուեցաւ Եւ Դատապարտուեցաւ Տնային Կալանքի

Նախանցեալ օր իր տունէն ձերբակալուեցաւ Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գիւմրիի գրասենեակի տնօրէն, հասարակական գործիչ, մտաւորական, արցախեան ազատամարտի մասնակից եւ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորութեան թեկնածու Արա Նախշքարեան` կաշառատուութեան ամբաստանութեամբ:

Հակափտածութեան դատարանը երէկ Արա Նախշքարեանի նկատմամբ կիրարկեց տնային կալանքի խափանման միջոցը: Այս մասին յայտնեց անոր փաստաբան Հռիփսիմէ Գասպարեան: ՀՅԴ-ի անդամ Արա Նախշքարեանի նկատմամբ յարուցուած քրէական այս գործը ունի քրէական յստակ ենթախորք: Անոր նկատմամբ քրէական վարոյթը նախաձեռնուած էր հեռաձայնային հաղորդակցութեան գաղտնալսումով` Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն նախորդող օրերուն:

Leave a Comment