Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Պիտի Շարունակէ Մնալ Գործընկերը Ազգային Ամէն Ծրագիրի, Որ Պետութեան Ոտքի Կանգնումն Ու Ազգային Միասնականութիւնը Կ՛ամրապնդէ»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ կազմակերպած «Լիբանանի պաշտպանութիւն» հանդիպումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Մեծն Լիբանանը ստեղծուեցաւ իր բոլոր բաղադրիչ մասերու ազգային գործընկերութեան վրայ, Լիբանանի Հանրապետութեան ստեղծումով այդ գործընկերութիւնը զարգացաւ, ապա սահմանադրութիւնը զայն ամրագրեց եւ Թաէֆի համաձայնագիրը զայն ամրապնդեց` իբրեւ հայրենիքի միասնութեան եւ կայունութեան իսկական երաշխիք:

«Մեկնելով ասկէ` Լիբանանի ապագայի որեւէ մօտեցում չի կրնար հիմնուիլ յաղթանակի կամ ազգային հաւասարակշռութեան խախտման վրայ, այլ` սահմանադրութեան յարգումին եւ բոլորի հաւասարութեան սկզբունքին ամրապնդման վրայ»:

«Ճգնաժամերը երբեք ալ բազմազանութեան հետեւանք չեն եղած, այլ` պետութեան տրամաբանութեան ուժերու հաւասարակշռութեամբ փոխարինման», ըսաւ Բագրատունի` նշելով. «Թաէֆը վերջ տուաւ պետութեան շուրջ հակամարտութեան տրամաբանութեան, պետութեան մէջ գործընկերութեան տրամաբանութեան հիմը դրաւ եւ ամրագրեց, որ սահմանադրական օրինականութիւնն է ազգային կեանքի կազմակերպման աղբիւրը»:

«Լիբանանի որեւէ բաղադրիչ մասի պաշտպանութիւնը ուժերու հաւասարակշռութեան ճամբով չ՛իրագործուիր, ո՛չ ալ պայմանական դաշինքներու կամ արտաքին երաշխիքներու ճամբով, այլ արդար, հզօր, գերիշխան պետութեան մը ճամբով, որ սահմանադրութեան կը կառչի, իր գերիշխանութիւնը կը տարածէ իր բոլոր հողերուն վրայ, եւ հաւասարապէս, առանց խտրութեան կը պահպանէ բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքը», ընդգծեց ան:

Բագրատունի կոչ ուղղեց` սահմանադրութեան վերադառնալու` ընդգծելով. «Լիբանանը քաղաքական նոր ուխտի կարիքը չունի, ո՛չ ալ նոր անգիր օրէնքներու, այլ` սահմանադրութեան վերադառնալու»:

Բագրատունի նաեւ յայտարարեց. «ՀՅԴ-ն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը պիտի շարունակեն մնալ գործընկերը ազգային ամէն ծրագիրի, որ պետութեան ոտքի կանգնումն ու ազգային միասնականութիւնը կ՛ամրապնդէ, սահմանադրութեան գերիշխանութիւնը կ՛ամրագրէ, օրինական հաստատութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը կը վերականգնէ եւ հաւասար քաղաքացիութեան ծիրին մէջ լիբանանեան բազմազանութիւնը կ՛ապահովէ:

«Լիբանանի պաշտպանութիւնը համայնքի մը, կուսակցութեան մը, շրջանի մը պատասխանատուութիւնը չէ, այլ` ազգային հաւաքական պատասխանատուութիւն, որովհետեւ պետութեան պաշտպանութիւնը բոլոր լիբանանցիներու պաշտպանութեան, անոնց իրաւունքներու եւ անոնց հայրենիքի ապագային պահպանման առաջին պայմանն է»:

 

Leave a Comment