Նէյմար Լքեց Պրազիլի Ազգային Խումբը

Պրազիլեան ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն վառ աստղերէն մէկը` Նէյմար, պաշտօնապէս հաստատեց ազգային խումբին հետ իր ելոյթները աւարտելու որոշումը: 34 տարեկան յառաջապահը վերջակէտ դրաւ իր միջազգային ասպարէզին` նշելով, որ իր ժամանակը «Սելեսաօ»-ի հետ աւարտած է:

Հարաւային Ամերիկայի բաժակի մրցումներուն գծով Վենեզուելայի «Ու.Ս.Վ.» ակումբին դէմ 4-2 արդիւնքով յաղթանակէն ետք, Սանթոսի աստղը յուզիչ, բայց վճռական յայտարարութիւն կատարած է:

«Իմ պատմութիւնս ազգային խումբին հետ մօտեցաւ իր աւարտին: Ես պատմութիւն կերտեցի, ես շատ երջանիկ էի: Արիւնս եւ կեանքս տուած եմ այս գործին մէջ, միշտ պայքարած եմ ու ուժերս չեմ խնայած դեղին շապիկին համար, բայց այլեւս չեմ ցանկար ատիկա ընել», ըսած է Նէյմար:

Նէյմարի հեռանալու խօսակցութիւնները սկսած էին Մոնտիալի Գ. հանգրուանին, երբ Պրազիլ պարտութիւն կրած էր Նորվեկիայէն (1-2) եւ դուրս մնացած Մոնտիալէն: Այն ժամանակ Նէյմար ակնարկած էր հեռանալու մասին, բայց պաշտօնական հաստատում չէր կատարած:

Այս յայտարարութեան նախորդած էր այլ միջադէպ մը Սանթոսի հետ: Անցեալ շաբաթ, մրցումէ մը ետք, Նէյմարին մեղադրողներ կային, թէ ան շատ կոշտ ձեւով կը վարուէր խումբի երիտասարդ մարզիկներուն հետ: Սակայն Պարսելոնայի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի աստղը արդարացուցած էր իր քայլերը` նշելով, որ ինք խմբապետն է եւ իրաւունք ունի պահանջկոտ ըլլալու իր խմբակիցներէն, բայց հերքած է, որ «կարմիր գիծեր»-ը անցած է:

Այս ձեւով Նէյմար հեռացաւ ազգային խումբէն` իր անունը ոսկի տառերով գրելով Պրազիլի ֆութպոլի պատմութեան մէջ:

Ան բոլոր ժամանակներու առաւելագոյն կոլ նշանակողն է ազգային խումբին շապիկով:

Ան 130 անգամ կրած է Պրազիլի հաւաքականի շապիկը եւ նշանակած է 80 կոլ (մրցանիշ Պրազիլի համար) եւ 59 էսիսթ կատարած:

Անհատական մրցանիշներէ անկախ, ան 2013-ին շահած է «Քոնֆիտէյշըն քափ» մրցաշարքը, իսկ 2016-ին դարձած է Ողիմպիական խաղերու ախոյեան:

 

 

Leave a Comment