21 տարեկան հայ յետսապահ Մարք Գէորգեան փորձառական շրջան կ՛անցընէ Միւնիխ 1860 ակումբին հետ, որ նոր տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ Պաւարիա նահանգի ախոյեանութեան` Գերմանիոյ Դ. դասակարգին մէջ:
Նախապէս նոյն ակումբին մաս կազմած է նաեւ Մարքի երկուորեակ եղբայրը` Մայք Գէորգեան:
Աջ ծայրի յետսապահը նախորդ տարեշրջանը անցուցած էր Հանովըր 96-ի երկրորդ խումբին հետ, նոյնպէս Դ. դասակարգին մէջ: Գէորգեան Հանովըրի հետ երկու տարեշրջան խաղցած է:
Աւելի կանուխ հայ յետսապահը Զալցպուրկի ակադեմիայի սան եղած է: Աւստրիական ակումբին հետ ան երեք անգամ դարձած է մինչեւ 18 տարեկաններու ախոյեան եւ երկու անգամ մասնակցած «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատանեկան լիկային:
Միջազգային մակարդակով Գէորգեան 5 հանդիպումներ կատարած է Գերմանիոյ պատանիներու (17 տարեկանէն վար) ազգային խումբին հետ: Աւելի ուշ ան որոշած է ներկայացնել Հայաստանը եւ մէկ մրցում կատարած է երիտասարդներու հաւաքականին հետ:
Հակառակ պատանեկան օրերուն իր ձեռք ձգած փորձառութեան եւ յայտնի ակումբներու հետ իր ելոյթներուն, Գէորգեան առայժմ չյաջողեցաւ ինքզինք ամրապնդել արհեստավարժ ախոյեանութեան մէջ: Միւնիխ 1860 խումբին հետ իր այս տարեշրջանը կրնայ դառնալ իր ասպարէզի յաջորդ քայլին մէկ կարելիութիւնը եւս: