Ըմբշամարտ. Ջանէս Նազարեան Հասաւ Ոսկի Մետալի Մրցումին. Արարատ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Պաքուի մէջ սկսած աշխարհի ըմբշամարտի պատանիներու (17 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը արդէն իսկ սկսած է, ընթացք առած են յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումները:

Առաջին երկու օրերու մրցումներուն հիմամբ, Հայաստան 1 պրոնզ մետալ կրցաւ շահիլ` շնորհիւ Արարատ Սերոբեանի (48 քկ), մինչ Ջանէս Նազարեան 71 կշիռի մրցումներու աւարտական հասաւ եւ ոսկի մետալի մրցում պիտի կատարէ ռուս Ասլան Ձույեւի դէմ:

Ստորեւ հայ ըմբիշներուն արդիւնքները` առաջին 2 օրերու մրցումներէն ետք.

ՄԻՆՉԵՒ 48 ՔԿ ԿՇԻՌ
Արարատ Աւետիսեան շահեցաւ պրոնզէ մետալ` 8-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք հունգարացի Պենետեք Թոմպորին:

ՄԻՆՉԵՒ 53 ՔԿ ԿՇԻՌ
Գեղամ Եղիազարեան գրաւեց 12-րդ դիրքը:

ՄԻՆՉԵՒ 65 ՔԿ ԿՇԻՌ
Վազգէն Մնացականեան 3-2 արդիւնքով պարտուելէ ետք պրոնզէ մետալի մրցումին գրաւեց 5-րդ դիրքը:

ՄԻՆՉԵՒ 80 ՔԿ ԿՇԻՌ
Վահէ Յովէեան 7-րդ դիրքը գրաւեց

ՄԻՆՉԵՒ 110 ՔԿ ԿՇԻՌ
Հայաստանի ներկայացուցիչ Խաչիկ Խաչատրեան 10-րդ դիրքը գրաւեց:

Ինչպէս նշեցինք, տակաւին կան հայ ըմբիշներ, որոնք կը պայքարին մետալներու համար:

Մինչեւ 45 քկ կշիռի պրոնզէ մետալի համար մրցում ունի կատարելիք Վազգէն Վարդանեան: Մինչեւ 51 քկ կշիռի մրցումներուն Գէորգ Յարութիւնեան կը պայքարի պրոնզէ մետալի գօտեմարտի ուղեգիր նուաճելու համար:

Մինչեւ 71 քկ կշիռի աւարտականին Ջանես Նազարեան պիտի մրցի Ասլան Ձույեւի դէմ (Ռուսիա)` ոսկի մետալին համար:

Leave a Comment