Սիտնի Լոփես Քապրալի Կոլը Ընտրուեցաւ Մոնտիալի Լաւագոյն Կոլը

Քափէ Վերտէ, որ անմոռանալի Մոնտիալ մը ունեցած էր, այլ ձեւով շարունակեց փայլիլ, երբ իր մարզիկներէն Սիտնի Լոփես Քապրալի կոլը ընտրուեցաւ 2026-ի Մոնտիալի լաւագոյնը:

Քապրալի կոլը` Արժանթինի դէմ, անմոռանալի տեսարան մըն էր, երբ ափրիկեան խումբը առաջին անգամ ըլլալով հասնելէ ետք Մոնտիալին, կրցած էր հասնիլ փլէյ-օֆի:

Իր կոլը եղած էր հաւասարութեան կոլը 2022-ի ախոյեանին դէմ, երկարաձգման ընթացքին, Մայեմիի դաշտին վրայ: Քափէ Վերտէ 3-2 արդիւնքով պարտուելով դուրս մնացած էր շատ պատուաւոր արդիւնքով:

Լոփես Քապրալի կոլը 308 կոլերէն լաւագոյնը ընտրուեցաւ` իր ետին ձգելով Ուզպեքիստանի Էլտոր Շամուտորովի լոպով նշանակած կոլը` Քոնկոյի դէմ, եւ Ուիլսըն Իզիտորի (Հայիթի) կոլը, որով ան ուժգին հարուածով գրաւած էր Մարոքի բերդը:

ՖԻՖԱ նկատի առած էր 12 կոլեր, եւ քուէարկութիւն տեղի ունեցած էր մինչեւ երկուշաբթի օր:

Լոփես Քապրալի կոլի տօնակատարութիւնն ալ «աչքառու» էր, երբ իր խմբակիցներէն արագ վազելով բարձրացաւ թրիպիւն` իր ընկերուհիին եւ մօր մօտ:

«Մրցումէն առաջ իրենց ըսած էի, որ եթէ կոլ նշանակեմ, պիտի բարձրանամ իրենց մօտ: Երբ հոն հասայ, տեսայ, որ մայրս կու լար, առանց նկատելու, որ քովը հասած եմ: Ամէն մարդ զբաղած էր զինք ուշքի բերելու, քանի որ ան կորսնցուցած էր իր ուշքը, երբ կոլ նշանակեցի», ըսաւ Քապրալ:

Քափէ Վերտէ բուռն ձեւով պայքարեցաւ, աւելի ուշ Մոնտիալի աւարտականին հասնող խումբերուն հետ, ուր բերդապահ Վոզինիա փայլած էր բացման մրցումին` Սպանիոյ դէմ (0-0) եւ Բ. հանգրուանին` Արժանթինի դէմ (3-2): Քափէ Վերտէ իր 4 մրցումներուն ալ չէր պարտուած 90 վայրկեաններուն: Բ. հանգրուանին ան միայն երկարաձգման ընթացքին պարտուած էր Արժանթինէն, որ վստահաբար աւելի փորձառու էր:

 

 

Leave a Comment