17 յուլիսին Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս պաշտօնապէս փոխած էր իր ակումբը: 22 տարեկան ֆութպոլիստը Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը լքելով միացած էր Սպանիոյ Բ. դասակարգի Թեներիֆէ կղզիի ակումբին:
Քանի մը օր առաջ, ան փորձ-մրցումի մը ընթացքին կրցաւ իր առաջին կոլը նշանակել Մարինօ խումբին դէմ` բարեկամական մրցումի մը ընթացքին:
Ռանոս դաշտ ներկայացած էր հիմնական կազմէն եւ նշանակած առաջին կիսախաղի միակ կոլը:
Բ. կիսախաղին Թեներիֆէ իր բոլոր 11 մարզիկներն ալ փոխարինած է եւ մրցումը աւարտած 6-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ Ռանոսի պայմանագիրը իր նոր ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ 2028-ի ամառ` մէկ տարի երկարաձգելու կարելիութեամբ, եթէ ակումբը նուաճէ բարձրագոյն դասակարգ բարձրանալու ուղեգիր: