Քափէ Վերտէի 40 տարեկան բերդապահ Վոզինիա դարձաւ Չիլիի Քոլօ Քոլօ խումբի ֆութպոլիստ: Մոնտիալի տպաւորիչ ելոյթներէն ետք ան կնքեց իր ասպարէզի ամէնէն «սուղ» պայմանագիրը:
2026-ի Մոնտիալի գլխաւոր հերոսներէն մէկուն պատմութիւնը կը շարունակուի: Վոզինիա, որ տակաւին վերջերս կը խաղար Փորթուգալի Բ. դասակարգի խումբերէն Շաւեշի հետ, պայմանագրութիւն ստորագրեց Չիլիի ամէնէն շատ տիտղոսներ շահած Քոլօ Քոլոյի հետ:
Մեքսիքական «Ռեքորտ» պարբերականին տուեալներով, իր նոր ակումբին հետ Վոզինիա պիտի ստանայ մօտ 900 հազար մեքսիքական փեսօ ամսական: Ան շուրջ 11 անգամ աւելի պիտի ստանայ, քան իր Փորթուգալի ակումբը, որ մօտ 80 հազար փեսօ կը վճարէր:
Անոր պայմանագրութիւնը 6 ամսուան համար է, բայց մինչեւ 2027-ի աւարտը երկարաձգելու կարելիութիւն ունի:
Պայմանագիրի ստորագրութեան պահուն Վոզինիա չկրցաւ զսպել իր արցունքները: Ան իր ամբողջ ասպարէզը անցուցած էր Եւրոպայի կարեւոր ախոյեանութիւններէն հեռու, բայց այս վերջին պայմանագիրը եղաւ անոր տարիներու աշխատանքի եւ պայքարի արժանի պարգեւը:
Անոր կեանքը 180 աստիճան փոխուեցաւ Մոնտիալէն ետք: Ան ընտրուած էր Քափէ Վերտէի լաւագոյն մարզիկ` Սպանիոյ դէմ բացման մրցումին, ինչպէս նաեւ օգնելէ ետք ազգային խումբին, քիչ մնաց դուրս ձգէր նաեւ Արժանթինը: Անոր «Ինսթակրամ»-ի հետեւորդներու թիւը հասաւ գրեթէ 30 միլիոնի:
Ճիշդ է, որ Մոնտիալի աւարտին բաժակը բարձրացնող խումբը կամ անոր աստղերը աւելի հռչակ կը ստանան, բայց պէտք է ըսել, որ Վոզինիա եղած էր անցած Մոնտիալի յաղթողներէն մէկը: